Latest / SBS Armenian - SBS Հայերէն

Հաւատք, Լեզու եւ Մշակոյթ. Ինքնութեան Հիմնասիւները Սփիւռքի Մէջ
Այս եզրափակիչ զրոյցին մէջ Տէր Խաչեր Յարութիւնեան, Մելպըրնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, կը խօսի սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման մասին՝ շեշտելով, որ աւանդութիւններու փոխանցման ձեւերը կրնան փոփոխուիլ ժամանակին հետ, սակայն անոնց էութիւնը, արժէքները եւ պատգամը պէտք է անփոփոխ մնան։ Ան նաեւ կոչ կ՚ուղղէ երիտասարդներուն՝ ամուր կառչած մնալու իրենց հաւատքին, լեզուին, մշակոյթին ու ազգային ժառանգութեան, եւ գործուն մասնակցութիւն բերելու եկեղեցական ու համայնքային կեանքին, որպէսզի այդ ժառանգութիւնը փոխանցուի նաեւ յաջորդ սերունդներուն:
The skinny
The skinny isn't ready yet — notes appear once the transcript is processed.